Բարի՞, թէ՞ Աստուած

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոն Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

Ինչո՞ւ բարին առանց Աստուծոյ բաւարար չէ:

Եթէ ինչ որ բան մը բարի է, ատիկա պէտք է որ Աստուծմէ ըլլայ, այնպէս չէ՞։

Մեր օրերուն մէջ «բարի» եւ «Աստուած» բառերը կարծես հոմանիշներ դարձած են։ Մենք կը հաւատանք, որ այն, ինչ որ ընդհանուր առմամբ բարի կը համարուի, պէտք է որ համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին։ Առատաձեռնութիւնը, խոնարհութիւնը, արդարութիւնը բարի են։ Եսասիրութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, դաժանութիւնը չար են։ Կը թուայ՝ այս տարբերակումը շատ պարզ է։

Բայց արդեօ՞ք ամէն ինչ այդքան պարզ է։ Եթէ բարին այդ աստիճան ակնյայտ է, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ մեզի զանազանութիւն անհրաժեշտ է՝ այն ճանչնալու համար։

«Բարի՞, թէ՞ Աստուած» գիրքը՝ սովորական ուղերձ մը չէ այն մասին, թէ ինչպէս դուք ձեզի լուծէք ձեր խնդիրները։ Այս գիրքը պարզապէս չի խնդրեր ձեզմէ, որ փոխէք ձեր վարքը. այն պիտի ընէ աւելին։ Այն պիտի տայ ձեզի կարողութիւն, որուն միջոցով դուք պիտի կարենաք հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ այնպիսի մակարդակի վրայ, որ պիտի փոխէ ձեր կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառը։

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up