ՍԽԱԼ ՉԷ ԶՕՐԱՒՈՐ ԸԼԼԱԼԸ
Աստուած զօրաւոր է, եւ կ՛ուզէ, որ դուն ալ զօրաւոր ըլլաս:
ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6.10
Մինչ կը սկսինք զօրաւոր դառնալու այս ճամբորդութիւնը,
եկէք նախ հետեւեալը յստակացնենք կամ հաստատենք.
Զօրաւոր ըլլալը սխալ բան մը չէ:
Շատ յաճախ Քրիստոնեայ կիներ կը նոյնացուին տկարութեան
հետ եւ ոչ զօրութեան: Երբեմն կրօնը մեզի սորվեցուցած է պահուըտիլ
փոխանակ ոտքի կանգնելու կամ բարձրանալու: Ճիշդ է, որ կանչուած
ենք հեզ ըլլալու... բայց ոչ՝ տկար: Հեզութեան լաւագոյն սահմանումն
է՝ կառավարուած զօրութիւն: Թէ՛ Մովսէս եւ թէ՛ Յիսուս հեզ էին, բայց
տկար չէին: Հեզերը գիտեն, որ իրենց զօրութիւնը Աստուծմէ կու գայ:
Եսթեր հեզ էր, բայց բնա՜ւ տկար չէր: Հեզերը նաեւ խոնարհ կ՛ըլլան,
որովհետեւ կը հասկնան, որ իրենց զօրութիւնը կու գայ աւելի բարձր
Զօրութենէ մը կամ Իշխանութենէ մը: Հեզերը գիտեն ի՛նչպէս եւ ե՛րբ
կռուին, բայց անոնք կռիւ չեն փնտռեր:
Զօրութիւնը երկսայրի սուր մըն է, որ կրնայ գործածուիլ իբրեւ
կործանումի զէնք մը կամ արձակումի միջոց մը՝ որ գերիները
կ՛ազատագրէ: Անսովոր չէ, որ առաջին գերին, որ արձակման
կարիքը ունի մենք ենք: Այս կեանքը ապրիլը զօրութիւն կը պահանջէ:
Եւ որքան երկար կ՛ապրինք, կեանքը այդքան կը դժուարանայ:
Անաստուած մշակոյթի մը մէջ բարեպաշտ կեանք մը ապրիլը կը
պահանջէ շատ աւելի մեծ ոյժ քան ինչ որ դուն եւ ես կրնանք ձեռք
ձգել մեր սեփական միջոցներով: Պիտի նայինք Եփեսացիներունղրկուած
նամակի հետեւեալ համարներուն, որոնք կը բացատրեն,
թէ ինչո՛ւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ընդունի մարտահրաւէրը
եւ զօրաւոր դառնայ: Նկարագրելէ ետք, թէ մենք ի՛նչպէս պէտք է
վարուինք մեր յարաբերութիւններուն մէջ, Պօղոս Եփեսացիներուն
6.10-18-ը կը սկսի ըսելով. «Ի վերջոյ զօրացէք Տիրոջմով եւ իր
ամենակարող զօրութեամբ» (հմր 10):
Յարաբերութիւնները զօրութիւն կը պահանջեն: Բայց երբ որ
փորձեմ մէկը սիրել կամ նոյնիսկ հաւնիլ իմ զօրութեամբս, կը ձախողիմ:
Մենք շատ սահմանափակ մարդկային կարողականութիւն ունինք այն
տեսակի զօրութեան, որուն կարիքը ունինք ամէն օր: Ատոր համար
կը դիմենք մեր Տիրոջ ոյժին եւ զօրութեան: Ուրիշ տարբերակ մը
պարզապէս կ՛ըսէ. «Աստուած զօրաւոր է, եւ կ՛ուզէ, որ դուն ալ զօրաւոր
ըլլաս»: Աստուած գիտէ, որ մենք զօրաւոր չենք, ուստի մեզ զօրաւոր
կը դարձնէ: Դաւիթ ոյժի այդ աղբիւրէն զօրութիւն ամբարեց իր մէջ
երբ պաշտամունք ընող հովիւ մըն էր: Մեր Աստուածը Ամենակարող
է, որպէսզի մեզ կարող դարձնէ: Մեր Հայրը Ամենազօր է, որպէսզի
իր դուստրերուն զօրութիւն տայ: Աստուած ծրագիր մը ունի կեանքիդ
համար, եւ Չարախօսը դաւ մը ունի քեզի դէմ (հնարքներ): Անոր
նպատակն է քեզ Աստուծոյ ծրագիրէն դուրս հանել: Զգուշացնեմ քեզ,
որ Չարախօսը արդարօրէն չի կռուիր: Այն պահուն, որ դուն Աստուծոյ
դուստր մը կը դառնաս, Սուրբ Հոգիին նշանը կը կրես եւ թշնամին
կը սկսի քեզ նկատի առնել: Վերածնունդէդ առաջ դուն իր ստրուկն
էիր, իսկ հիմա իր թիրախն ես: Բայց երբ կը ծանօթանանք ճշմարիտ
զօրութեան մեր աղբիւրին, ժամանակը եկած կ՛ըլլայ զինուելու:
«Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք
Սատանային հնարքներուն դէմ դնել» (Եփեսացիներուն 6.11):
Սիրելի Երկնաւոր Հայր, շնորհակալ եմ, որ դուն զօրաւոր
ես եւ կ՛ուզես, որ ես ալ զօրաւոր ըլլամ: Պիտի զինուիմ՝
քու ծրագիրիդ մէջ կանգուն մնալու համար:
ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ՝ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ
Անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի, ու բարեբեր
արտին մէջ արդարութիւնը պիտի մնայ. արդարութեան գործը
խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, եւ արդարութեան արդիւնքը՝
հանդարտութիւն ու ապահովութիւն յաւիտեան:
ԵՍԱՅԻԻ 32.16-17
Երբ կը պատկերացնես ինքնավստահ կին մը, ի՞նչ տիպար կամ
պատկեր կու գայ միտքդ: Ամսաթերթերու մէջ, վաճառատուներու
մէջ եւ գրեթէ ամէն անգամ, որ պաստառի մը կը նայինք կը
տեսնենք աշխարհի գաղափարը ինքնավստահ կնոջ, որ գլուխներ կը
դարձնէ իր ամէն բան հակակշիռի տակ ունենալու տպաւորութիւնը
տուող ժպիտով եւ անթերի հագուածքով ու կեցուածքով:
Զուգադիպութիւն չէ, որ այդ ինքնավստահութիւնը յաճախ ծախու է՝
գեղեցկութեան կամ որոշ ապրելակերպի արտադրութեամբ մը, որ
կ՛առաջարկէ մեզ տանիլ նուազ փափաքելի «նախապէս»է մը դէպի
հոյակապ «յետոյ»ի մը: Բայց երկար ժամանակի վրայ յաջողութենէն
կամ գրաւչութենէն հաստատում կամ ընդունելութիւն փնտռելը
պարապ հետապնդում մըն է: Քանի՞ հաւանութեան նշանի (լայքի)
պէտք ունինք նկարի մը համար կամ քանի՞ գրաւոր կարծիքի
(քոմենթի) օտար մարդոցմէ, որպէսզի վերջապէս ըսենք. «Բաւարար
է... ես ամբողջական եմ»: Վստահ եղէք, որ օրական միլիոն հատը
բաւարար պիտի չըլլայ մեզ լեցնելու համար:
Եթէ վստահինք ժողովրդականութեան կամ գեղեցկութեան,
շարունակ ուրիշներու պիտի նայինք հաստատելու համար մերարժէքը
եւ փափաքելի ըլլալը: Մեր աչքին մեր անձին արժէքը
շարունակ վտանգի եւ սպառնալիքի ենթակայ պիտի ըլլայ ուրիշ
կիներու պատճառով, եւ մեր ինքնավստահութիւնը վաղանցիկ
պիտի ըլլայ: Բայց կայ ուրիշ ձեւ մը: Մենք ունինք Իշխան մը,
որ միշտ պատրաստ է գեղեցիկ դարձնելու այն կիները, որոնք
իրեն կու գան:
Անոր մեզի տուած ինքնավստահութիւնը աւելի խորունկ
է քան մենք երբեւէ գիտենք ի՛նչպէս արտօնել, որ մէկը հասնի
նոյնիսկ հոն: Անիկա աւելին է քան հագուածք մը, ընկերային
հաղորդամիջոցներու վրայ դրուած նկարները գեղեցկացնող
հեռաձայնային կիրարկում մը (ֆիլթըր մը) կամ նոր զարդարանք մը:
Անիկա այն խորունկ, ջերմ փայլքն է, որ կու գայ այն գիտութենէն,
թէ՝ մենք սիրուած ենք եւ խորապէս ճանչցուած: Երբ կին մը
սիրուած է այդ ձեւով... ատիկա երեւելի կ՛ըլլայ: Քրիստոս Յիսուս
օրհնած է մեզ իր շնորհքով: Ժամանակն է, որ արտօնենք, որ իր
սէրը ըլլայ աւելի քան բաւարար եւ ետ կենանք ուրիշ տեղերու մէջ
գոհունակութիւն փնտռելէ:
Ժամանակն է, որ նայինք մեր ներքին անձին «նախապէս եւ
յետոյ»ին: Ժամանակն է, որ իրապէս գնահատենք Քրիստոսի
կատարածը եւ մեր ինքնավստահութիւնը կերտենք անոր վրայ:
Անոր տուած սէրը երբեք չի մարիր: Ան կ՛ուզէ քնքշօրէն հոգ տանիլ
իւրաքանչիւրիս, որպէսզի ծաղկինք իր սիրոյն մէջ:
ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԵՆՔ
Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն
դուրս փորձութիւններ չեն: Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ.
անիկա թոյլ պիտի չտայ, որ ձեր կարողութենէն աւելի
փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն
յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ:
Ա.ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 10.13
Հակառակ անոր որ կրնայ ըլլալ, որ դէմքդ բնաւ չտեսնեմ
կամ անունդ գիտնալու պատիւը բնաւ չունենամ, գիտեմ,
որ մենք այդքան ալ տարբեր չենք եւ կեանքի ընթացքին նոյն
մարտահրաւէրներէն շատերը երկուքս ալ պիտի դիմագրաւենք:
Կորնթացիներուն ղրկուած նամակը մեզի կը խոստանայ, որ ինչ
խնդիր ալ, որ դիմագրաւենք անիկա եզակիօրէն մերը չէ: Մենք
առանձին չենք մեր փորձութիւններուն կամ յաղթանակներուն մէջ:
Բայց մեր անձին թշնամին՝ Սատանան, կը սիրէ մեկուսացնել եւ
ամբաստանել մեզմէ իւրաքանչիւրը այնպէս, որ կարծես առանձին
ենք: Ան այս ձեւի սուտեր կը փսփսայ. «դուն միակն ես, որ այս
հարցը ունիս: Ուրիշ ոչ մէկը քեզի չափ վատ վիճակի մէջ է»:
Գիտեմ, որ այս ձեւի բաներ լսած էք, որովհետեւ ես ալ լսած եմ
այդ ձեւի սուտերը:
Երբ հարցը կը վերաբերի իր խոստումներուն եւ իր Խօսքին,
Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ: Ան կ՛ընդունի ամէն
մարդ, որ կու գայ իր առջեւ խոնարհ եւ հնազանդ սիրտով: Ատիկա
ճիշդ չէ հպարտներուն եւ իրենք զիրենք արդարացնողներուն
համար, որոնք կը կարծեն, թէ ամէն բան գիտեն: Ան մեզ լաւագոյնս
կը լսէ երբ իրեն կու գանք սպառած եւ յոգնած մեր սեփական ձեւերով
հարցերը լուծելու մեր փորձերէն: Աստուած կը վերցնէ յոգնածները եւ
կոտրուածները եւ կը հրաւիրէ զիրենք, ըսելով. «Եթէ ձեզմէ մէկը կը
զգայ, թէ անհրաժեշտ իմաստութիւնը չունի, թող խնդրէ Աստուծմէ,
որ բոլորին կու տայ առատօրէն եւ սիրայօժար կերպով, եւ Աստուած
պիտի տայ իրեն» (Յակոբոսի 1.5):
Կան մեծ թիւով թանկարժէք կիներ, որոնք առանձին եւ
մեկուսացած կը զգան: Ժամանակն է, որ անդրադառնանք, որ
ինչպէս մեր դժուարութիւնները մեզ կը միացնեն, նոյնպէս ալ մեր
զօրութիւնները կրնան մեզ միացնել: Թերեւս դուն մեկուսացած եւ
ամբաստանուած կը զգաս: Ատոնք սուտեր են: Դուն առանձին չես:
Քու Տէրդ քու փրկարարդ է եւ ոչ թէ քեզ ամբաստանողը:
Ասիկա այն շատ մը պատճառներէն մէկն է, թէ՝ ինչո՛ւ համայնքը
կամ եկեղեցին այդքան կարեւոր է: Երբ կը կապուինք ուրիշներու
հետ, որոնք արդէն անցած են այն դժուարութենէն, որուն մէջն ենք
մենք այսօր, մեզ կը քաջալերեն, որ հաւատք ունենանք: Իսկ մենք
հաւատքով քայլ կ՛առնենք եւ կը համարձակինք հաւատալ, թէ ճիշդ
ինչպէս Աստուած հաւատարիմ էր իրենց հանդէպ, ան հաւատարիմ
պիտի ըլլայ նաեւ մեզի հանդէպ: Կ՛ուզեմ վստահեցնել քեզի, թէ.
Աստուած բարկացած չէ քեզմէ:
Ան քեզ չ՛ամբաստաներ:
Ան պատրաստ է օգնելու քեզի:
Եւ դուն առանձին չես:
Հայր, կը փառաբանեմ քեզ անոր համար, որ առանձին չեմ կամ
քու կողմէդ չեմ ամբաստանուած: Շնորհակալ եմ, որ կ՛ողջունես
զիս քու բժշկարար ներկայութեանդ մէջ: Մինչ կը բժշկուիմ, պիտի
բաժնեկցիմ պատմութիւնս, որպէսզի ուրիշներ ալ քաջալերուին։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԼՍԷ ՄԵԶ
Սակայն Աստուած լսեց, աղօթքիս ձայնին ուշադիր եղաւ:
ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ 66.19
Ինչպէս շատ մը ծնողներ պիտի ըսեն ձեզի, երբեմն մեր
թանկագին, գեղեցիկ հրեշտակները կը զարնեն, վատ
ածականներ կամ անուններ կու տան կամ ջղագրգիռ նոպաներ
կ՛ունենան՝ իրենց ուզածը ունենալու համար (ինչ որ տարբեր չէ
երբեմն մեր ըրածներէն): Երկու տարեկան մանուկի հետ տաք
կռիւի մը ընթացքին աւելի դիւրին կը թուի՝ բոլոր կողմերուն
ալ համար, որ արտօնուի անոր ուզածը: Արտօնել, որ ան այդ
ճակատամարտը շահի՝ այն յոյսով, որ յետոյ դուն պատերազմը կը
յաղթես: Կրնայ այդպէս ըլլալ... բայց միայն աւելի դժուարութեամբ
եւ աւելի բուռն պայքարներով քան այն սկիզբի բախումը: Երբ
մանուկի մը վատ վարմունքը կը վարձատրենք, ատիկա միշտ գին
վճարել կու տայ մեզի: Վերջաւորութեան դուն մանուկին օգուտ
մը ըրած չես ըլլար, այլ՝ ընդհակառակը վնաս հասցուցած կ՛ըլլաս:
Աստուած՝ մեր Երկնաւոր Հայրը, ամէնէն իմաստուն ծնողն է:
Ան գիտէ, թէ ո՛ր բանը, որուն համար տղայական զայրոյթի կամ
քմահաճոյքի պոռթկումներ կ՛ունենանք, պիտի վտանգէ աւելի մեծ
արժէք ունեցող բան մը... մեր նկարագիրը:
Կը խոստովանիմ, որ եղած են ժամանակներ երբ ունեցած եմ
այդպիսի զայրոյթի պոռթկումներ՝ իմ ուզածս ունենալու համար:
Գանգատած եմ եւ տրտնջացած, ըսելով. «Աստուա՛ծ, ինչո՞ւ ինքը
այս բանը ունի, իսկ ես՝ ոչ»: Ուրիշ անգամներ հարցս մարդոց հետ
եղած է եւ ըսած եմ. «Աստուա՛ծ, գիտես, որ ես ճիշդ եմ եւ իրենք
սխալ: Ըսէ՛ իրենց կամ ցո՛յց տուր իրենց»: Ատիկա ըսելը յատկապէս
յարմար էր երբ ամուսինիս կամ ուրիշ Քրիստոնեաներու հետ
անհամաձայնութիւններ կ՛ունենայի: Կը պատկերացնէի, որ
Աստուած պիտի ընդմիջէր իրենց առօրեայ խորհրդածութեան
պահը՝ իրենց ըսելու համար, թէ ո՛րքան ճիշդ էի ես: Անշուշտ այդ
աղօթքները բնաւ չեն պատասխանուած: Ես շատ երախտապարտ
եմ, որ Աստուած իմ բարիքիս հետամուտ էր փոխանակ իմ ուզածս
ինծի տալու:
Կան շատ պատճառներ աղօթքներու չպատասխանուելուն
համար, բայց բնաւ մի՛ ենթադրեր, որ ան չի պատասխաներ քանի
որ չի լսեր: Ան միշտ գործօն կերպով կը հետեւի, որ մենք աճինք
եւ ըլլանք աւելի լաւ վիճակի մը մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ պահուն
չենք հասկնար ատիկա: Աղօթենք լաւագոյն մտադրութեամբ
կամ աղօթենք սահմանափակ տեսիլքով, ան կը խոնարհեցնէ
իր ականջը դէպի մեզի՝ գիտնալով ճիշդ ի՛նչ բանի պէտք ունինք:
Ան յաւիտենական տեսակէտ մը ի մտի ունի: Մինչ աճած եմ եւ
համարձակութիւնը ունեցած եմ անձս եւ ուրիշները Աստուծոյ
ձեռքերուն մէջ ձգելու, անոր արդարութիւնը յաղթանակած է
առանց իմ ներըմբռնումներուս: Մենք միշտ կրնանք վստահիլ
Աստուծոյ, որ կը լսէ եւ կը պատասխանէ այնպիսի ձեւերով, որոնք
կը յայտնաբերեն անոր գերիշխանութիւնը մեր կեանքերուն մէջ:
Տէր, ես երախտապարտ եմ, որ երբ կը խօսիմ՝ դուն մտիկ
կ՛ընես ողորմութեամբ եւ կը պատասխանես քու կամքիդ եւ
իմաստութեանդ համաձայն: Ապագաս ապահով է ձեռքերուդ մէջ:
ՄԵՐ ԻՍԿԱԿԱՆ ՓԱՓԱՔԸ
Աչքերս դէպի լեռները կը վերցնեմ. ուրկէ՞ պիտի գայ իմ օգնութիւնս:
Իմ օգնութիւնս Տիրոջմէ՛ն է, որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց:
ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ 121.1-2
Ամէն մարդ գոհացում կամ իրագործումի զգացում կը
փնտռէ: Ոմանք դրամի, իշխանութեան կամ աշխարհային
յաջողութեան կը դիմեն՝ զանիկա գտնելու համար: Ուրիշներու
համար անիկա սիրոյ, սեռային յարաբերութեան կամ ուրիշներու
կողմէ գնահատանքի հետապնդումին մէջն է: Գոհացումը կրնայ
նաեւ փնտռուիլ դրական բաներու մէջ, ինչպէս՝ մարդոց օգնելու
կամ արդարութեան համար ջատագովելու: Բայց վերջ ի վերջոյ,
եթէ մենք գոհացում կը փնտռենք Աստուծմէ դուրս, յուսախաբ
պիտի ըլլանք: Ճիշդ բանը սխալ տեղի մէջ փնտռելը միշտ
յուսախաբութիւն կը պատճառէ:
Մենք պէտք է մեր աչքերը բարձրացնենք դէպի երկինք,
որովհետեւ մեր օգնութիւնը կու գայ մեր Ստեղծիչէն: Միայն հոն
է, որ կը գտնենք մեր աղբիւրը եւ մեր գոհացումը: Ահա՛ տխուր
ճշմարտութիւնը. երբ յամառօրէն ուրիշ աղբիւրներ կը փնտռենք,
Աստուած կը ձգէ, որ մեր ճամբով երթանք: Ճիշդ ինչպէս արգելք
չեղաւ Ադամի եւ Եւայի, որ իրենց ձեռքը մեկնեն եւ քաղեն պտուղը
Պարտէզին մէջ, ան արգելք չ’ըլլար մեզի ալ, որ ձեռք ձգենք բան
մը, որ պիտի օգնէ մեզի, որ մեր ձեւով ընթանանք: Ան կը փափաքի
ըլլալ մեր իսկական փափաքը, բայց կ՛արտօնէ, որ ունենանք մեր
ուզածը նոյնիսկ եթէ անիկա վնասակար է մեզի համար: Պօղոս
գրեց մարդկութեան մասին երբ ըսաւ. «Քանի որ չուզեցին
զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ, որ անոնք իրենց
անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել»
(Հռոմայեցիներուն 1.28):
Երբ մեր ոտքը գետին կը զարնենք եւ կ՛ըսենք՝ «Ո՛չ: Ես իմ
ուզա՛ծս կ՛ուզեմ», Աստուած քայլ մը ետեւ կ՛երթայ եւ կ՛արտօնէ,
որ ունենանք այն ինչ որ մեր անմիտ կամքը կը պահանջէ: Միայն
յետոյ է, որ կը յայտնաբերենք, որ անիկա մեր յուսացածը չէր:
Աստուած չ՛ուզեր պատժել մեզ ինչպէս որ չ՛ուզեր, որ գերի
ըլլանք: Մտի՛կ ըրէք անոր բաց հրաւէրին. «Ուրեմն եկէ՛ք
վիճաբանինք,- կ՛ըսէ Տէրը.- եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի
պէս են՝ ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան, եթէ որդան կարմիրի նման
են՝ ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: Եթէ ուզէք հնազանդիլ՝ երկրին
բարիքը պիտի ուտէք» (Եսայիի 1.18-19):
Եկէք վերադառնանք իրեն՝ պատրաստակամ եւ հնազանդ
սիրտերով, եւ զինք դարձնենք մեր ոյժի եւ օգնութեան աղբիւրը:
Երկնաւոր Հայր, ներէ ինծի անհաւատ բաներու դիմելուս համար
մինչ դուն կեանքի եւ օգնութեան իմ ճշմարիտ աղբիւրս ես: Մաքրէ՛
զիս եւ օգնէ, որ ունենամ պատրաստակամ եւ հնազանդ հոգի մը:
ԳՈՀԱՑԱԾ
Իմ անձս պիտի կշտանայ՝ իբր թէ ճարպով ու պարարտութեամբ,
եւ իմ բերանս պիտի գովաբանէ քեզ ցնծութեան շրթունքով:
Երբ անկողինիս վրայ քեզ կը յիշեմ, գիշերուան պահերուն
մէջ քու մասիդ կը խորհրդածեմ. որովհետեւ ինծի օգնական
եղար, ու քու թեւերուդ հովանիին տակ պիտի ցնծամ: Իմ
անձս քեզի կը յարի, քու աջ ձեռքդ ինծի նեցուկ կ՛ըլլայ:
ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ 63.5-8
Յիշէ այն առիթը երբ ճաշկերոյթի մը ներկայ եղար, ուր
կար առողջապահական, համով ճաշերու երկար շարք
մը, բայց դուն չափէդ աւելի չկերար: Վայելեցիր պարզապէս
բաւարար չափով կերակուր եւ ոչ պէտք եղածէն աւելի: Այդ գիշեր
երբ քնանալու մտար, բաւարարուածութիւն ունէիր փոխանակ
անհանգստութիւն: Շատ գոհացուցիչ բան մըն է լաւապէս սնուիլը
եւ լաւ հանգիստ ընելը:
Մեր ներքին անձերը կրնան ունենալ նոյն տեսակի գոհացում, որ մեր
մարմինները կ՛ունենան: Դաւիթի նման կրնանք ընտրել պառկիլ մեր
անկողինին վրայ եւ յիշել Աստուծոյ բարութիւնը: Կամ կրնանք պառկիլ
մեր անկողինին վրայ եւ յիշել մեր խնդիրները եւ ձախողութիւնները:
Մեզի կ՛ըսուի, թէ մեր միտքը պէտք է հանգստացնենք՝ մտածելով
մեր Հօր սքանչելիքներուն մասին: Պատկերացո՛ւր մեծ թռչուն մը,
որ իր ձագերը կը պահպանէ եւ կը պաշտպանէ իր թեւերով: (Ասկէ
ետք այդ ձեւով է, որ պիտի տեսնեմ իմ Մխիթարիչս:) Այդպիսով
երբ կը քնանանք, հանգիստ կ՛ընենք: Երախտագիտութեան եւ
սքանչելիքներու այդ մթնոլորտին մէջ մեր սիրտը կ՛երգէ մեր կեանքին
մէջ Տիրոջ օգնութեան եւ պաշտպանութեան մասին: Ամէն օր կրնանք
տօնակատարել զԱստուած:
շատ խորհրդաւոր բան մըն է: Անիկա ժամանակ մըն է երբ
ամէնէն աւելի խոցելի վիճակի մը մէջ կ՛ըլլանք: Մեր գիտակցութիւնը
կը կորսնցնենք եւ կը սահինք քունի մէջ քանի մը ժամուան համար:
Մեծամասնութիւնս աւելի խորունկ քուն կը քնանար երբ մանուկ
էր քան երբ չափահաս եղաւ: Գոհ եւ անհոգ ըլլալով, մանուկները
իրենց օրուան գործունէութիւններէն ետք անմիջապէս կը յանձնուին
գիշերուան գիրկը: Իբրեւ չափահասներ, մեզի համար աւելի
դժուար է մեր օրուան գործունէութիւնները բաժնել մեր գիշերուան
հանգիստէն: Մենք հակում ունինք սխալ բաներ անկողին բերելու
մեզի հետ: Երբ ատիկա կ՛ընենք, կը կռուինք մտահոգութիւններու եւ
վախերու հետ մինչեւ արշալոյս եւ կ՛արթննանք աւելի յոգնած քան
երբ քնանալու մտանք:
Ես սորվեցայ, որ բնաւ լաւ չէի քնանար երբ անկողին մտնելէս առաջ
կ՛արտօնէի, որ մտահոգութիւններս խուժէին: Գիշերը այն ժամանակն
է երբ կը գոցենք մեր աչքերը օրուան պատահածներուն եւ կը բանանք
մեր սիրտերը Աստուծոյ: Սաղմոսներու 127.2-ը կը խոստանայ. «Տէրը
ի՛նքն է, որ քուն կը պարգեւէ իր սիրած մարդուն»: Նկատի առ, որ չ՛ըսեր,
թէ ան քուն կը պարգեւէ կատարեալ եղողներուն կամ կատարեալ օր
մը անցընողներուն: Ան քուն կը պարգեւէ իր զաւակներուն, զորս կը
սիրէ: Դուն այդ զաւակներէն ես: Կ՛ուզեմ, որ պատկերացնես, որ անոր
բարութիւնը եւ պաշտպանութիւնը անկողին կը դնեն քեզ եւ կը ծածկեն
քեզ այս գիշեր: Եթէ ատիկա ընես, կրնամ վստահեցնել, որ առտուն
պիտի արթննաս պաշտամունքի երգով մը միտքիդ մէջ:
Տէր, ամէն գիշեր ես ետին պիտի ձգեմ իմ սխալական օրս եւ պիտի
մտածեմ քու անսխալական սիրոյդ մասին: Դուն կը սիրես զիս,
քանի որ դուն սէր ես: Շնորհակալ եմ ինծի քուն տալուդ համար:
ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ՝ ՍԻՐՈՎ
Տէրը՝ քու Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, ի՛նք քեզ պիտի փրկէ.
քեզի համար ուրախութեամբ պիտի բերկրի, իր սիրոյն մէջ
հանդարտ պիտի կենայ, եւ քեզմով ցնծութեամբ պիտի խայտայ:
ՍՈՓՈՆԻԱՅԻ 3.17
Մեզմէ շատերը սեռային մղձաւանջի մէջ են: Ուրիշներ
յարաբերութիւններու մղձաւանջներու մէջ են: Տակաւին
ուրիշներ ֆինանսական մղձաւանջներու մէջ են: Ես սորված եմ, որ
յաճախ մղձաւանջը դիմագրաւելու լաւագոյն ձեւը երազելն է:
Օրինակի համար, երբ զաւակներս կ՛արթննային գիշերը բանէ
մը վախցած, հիւանդ կամ չափազանց յուզուած, ես զիրենք ինծի կը
մօտեցնէի, որպէսզի հանդարտեցնէի զիրենք: Ատիկա ընելու համար
կ՛օրօրէի կամ իրենց քով կ՛երկննայի իրենց անկողիններուն մէջ կամ եթէ
ժամը ուշ էր եւ ամուսինս ճամբորդած էր, իմ անկողինս կը բերէի զիրենք:
Ինչո՞ւ: Կ՛ուզէի, որ գիտնան, որ ես իրենց մօտիկ էի: Հոն՝ իմ գիրկիս
մէջն էր, որ մտիկ կ’ընէի իրենց վախերուն մինչ կը շոյէի իրենց մազերը:
Աստուծոյ սիրոյն եւ իմ սիրոյս մասին վստահեցնող խօսքեր կը փսփսայի
եւ կը յիշեցնէի իրենց Աստուծոյ հաւատարիմ պաշտպանութեան մասին:
Օրօրներ կ՛երգէի մինչեւ որ իրենց շնչառութիւնը ինծի կ՛ըսէր, թէ նորէն
քունի մտած են: Իր վախի մէջ եղող զաւակներուն հանդէպ մօր մը
այդ քնքոյշ մօտեցումը կու գայ Աստուծոյ սիրտէն: Անիկա պարզապէս
փոքր մէկ արտայայտութիւնն է մեզ մխիթարելու Աստուծոյ փափաքին:
Երբ մենք կը ցաւինք, երբ կը ձախողինք, երբ կը վախնանք, Աստուած
կ՛ուզէ, որ մօտենանք իրեն եւ երբեք չհեռանանք: Իբրեւ իր զաւակները,
մենք հրաւիրուած ենք ապահովութեան եւ սիրոյ իր գիրկը: Հոն ան
մեզի պիտի տայ գեղեցիկ տեսիլքներ, որոնք կարող պիտի ըլլան մեզ
հանդարտեցնելու եւ հանգստացնելու:
Կը սիրեմ պատկերը Հօր մը, որ քնքշօրէն կ՛օրօրէ իր դուստրը,
որպէսզի նորէն քնանայ, որպէսզի հանգստանայ եւ բուժուի: Ամբողջ
սրտովս կը հաւատամ, որ քու Հայր Աստուածդ հետեւեալները կ՛ուզէ
ընել քեզի.
• քեզ իրեն մօտեցնել
• Յանցաւորի եւ ամօթի զգացումներու ամէն հետք մաքրել քեզմէ
• Մէկ կողմ դնել վախերդ՝ ճշմարտութեան լոյսին տակ անոնց մասին
խօսելով քեզի հետ
• քեզի յոյս մը եւ ապագայ մը տալ
• Օրօրել քեզ մինչեւ որ փոթորիկդ հանդարտի
• Հանգիստի վերադարձնել քեզ
• Վերականգնել երազը սիրտիդ մէջ
Աստուած հեռու կամ անմերձենալի չէ: Պատրաստ է օգնութեան
հասնելու մեզի եւ իր մեծ զօրութեամբ ան կը փրկէ մեզ: Ան չի
նեղանար երբ վախով կամ անօգնական ըլլալով իրեն կ՛աղաղակենք:
Ան կ՛ուրախանայ իր զաւակները հանդարտեցնելով՝ ինչպէս մայր մը
ուրախութիւն կը սեպէ իր զաւակները հանգստացնելը կամ մխիթարելը:
Բայց մօր մը մխիթարելու կարողութիւնը սահմանափակ է, մինչ Աստուծոյ
մխիթարելու կարողութիւնը այնքան անսահման է որքան անոր սէրը:
Աստուծոյ նկարագիրին խորունկութիւնը կը հանդարտեցնէ մեզ՝ մինչ
ան կ՛երգէ մեզի: Հրաւիրէ՛ զինք, որ մօտենայ եւ հանդարտեցնէ այն
փոթորիկները, զորս դուն չես կրնար հանդարտեցնել:
Երկնաւոր Հայր, կը մօտենամ քեզի՝ հաւատալով Սոփոնիայի
3.17-ի խոստումին, թէ՝ դուն ինծի հետ ես եւ պիտի
հանդարտեցնես զիս քու սիրովդ: Այդ երազը շատ աւելի
հզօր է քան որեւէ մղձաւանջ, զոր կը դիմագրաւեմ ներկայիս:
Կը յանձնուիմ՝ քու մէջդ հանգստանալու համար: